2015-12-06 12:45:00

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն` Դ. Կիրակի Յիսնակաց


Եկեղեցական տարւոյն մէջ, իւրաքանչիւր ժամանակամիջոց ունի յատուկ խորհուրդ մը։ Եկեղեցական կամ ծիսական օրացոյցը հաւատացեալներուն համար ուղեցոյց եւ նեցուկ է՝ տարւոյն ընթացքին ապրելու Աստուծոյ փրկագործութեան խորհուրդը, կերպաւորելու իրենց կեանքը Աստուծոյ կամքին համաձայն, մատուցանելու Աստուծոյ պատշաճ պաշտամունքը, եւ խորացնելու իրենց անհատական եւ համայնքային հոգեւոր կեանքը։

Եկեղեցւոյ համար բոլոր տօները կարեւոր են, սակայն որոշ տօներ առաջնահերթութիւն ունին։ Ասոնք տէրունական տօներն են, այսինքն Քրիստոսի տօները՝ որոնցմէ առաջինը Սուրբ Ծնունդն է։ Եկեղեցական տարւոյն մէջ կարեւոր տօները միշտ պատրաստութեան շրջան մը ունին, զոր օրինակ շաբաթապահք մը։ Աւելի երկար պատրաստութեան շրջան մը Եկեղեցին հաստատած է Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին՝ յիսնակաց շրջանը, որուն չորրորդ կիրակին է այսօր։ Ինչու՞ համար յիսուն օրուան պատրաստութիւն այս տօնին։ Ի՞նչպէս պէտք է պատրաստուինք։

Պահ մը խորհրդածենք՝ թէ ի՛նչպէս որեւէ հանդիսութեան մը կամ տօնախմբութեան մը համար պատրաստութեան երկար ժամանակ կը տրամադրենք. երբեմն նոյնիսկ ամիսներ։ Կ՛ապահովենք մեր հագուելիքը, հանդիսութեան վայրը, ժամանակը, հրաւիրեալ կամ մասնակցող անհատներու ցանկերը, հարկաւոր ծախսերը՝ որպէս զի կարենանք լաւագոյնս կատարել հանդիսութիւն մը կամ հաւաք մը՝ մատուցանելով բոլորին պէտք եղած ուրախութիւնը, առանց որեւէ մէկը մոռնալու, եւ չմնալու համար սեւերես։

Նոյնիսկ եկեղեցական կամ կրօնական տօներուն, զոր օրինակ Սուրբ Ծննդեան պատրաստութեան ընթացքին, շատերու ուշադրութիւնը կը կենդրոնանայ կազմակերպչական եւ նիւթական հարցերու վրայ՝ թէ ու՛ր պիտի տօնենք, որու՛ հետ պիտի տօնենք, ի՛նչ նուէրներ պիտի պատրաստենք եւն.։ Նոյնիսկ կը կատարենք երկար ճամբորդութիւններ՝ մեր սիրելի անհատներուն հետ ըլլալու համար, որովհետեւ «Ծնունդը լոյսի տօնն է, խաղաղութեան տօնն է, ընտանիքի տօնն է, նուէրներու տօնն է»։ Այսպէս կը պատրուակենք, սակայն մեր գործերը հեռու կը մնան «լոյսէ եւ խաղաղութենէ»։ Եթէ պահ մը լրջօրէն մտածենք իսկական տօնի մասին՝ նիւթական բոլոր պատրաստութիւնները, որ մեզի համար այնքան անհրաժեշտ կը թուին՝ երկրորդական նշանակութիւն պէտք է ստանան. որովհետեւ Ծնունդը Աստուծոյ մարդեղութեան տօնն է։

Նիւթին չափազանց կարեւորութիւն տալը՝ յառաջ կը բերէ կախուածութիւն մը նիւթի հանդէպ։ Ապա այդ կախուածութիւնը մեզ կը հասցնէ նիւթապաշտութեան. նիւթապաշտական կենցաղով կը հեռանանք Աստուծմէ. Աստուծոյ խօսքը, փրկագործութեան արարքը, Քրիստոս եւ Աւետարանը մեզի համար կը վերածուին լոկ որոշ ժամանակաշրջանի մը պատկանող աւանդութիւններու։ Որոշ անհատներ կը չարաշահեն մարդու այս տկարութիւնը։ Անոնք կը կեղծեն թէ առաւել հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն մարդ արարածի հանդէպ, եւ իրենց գաղափարներով մարդուն կարծեցեալ ազատութիւն եւ երջանկութիւն կը շնորհեն, որովհետեւ ըստ անոնց Աստուած եւ կրօնքը խանգարիչ տարրեր են մարդկային հասարակութեան մէջ։ Անոնք միշտ աւելի թշնամական, յարձակողական եւ անհանդուրժողոական դիրք կը բռնեն կրօնքի հանդէպ։ Այս կեցուածքն է, որ կ’աշխատի կարելի եղածին չափով մարդկային հասարակութեան կեանքէն հեռացնել կրօնական տարրերը, մարդոց ուշադրութիւնը միշտ աւելի գրաւել շուկայական իրականութեան վրայ, հրապուրել բոլորը, եւ յատկապէս երեխաներ եւ երիտասարդներ։ Անոնք ունին միայն ու միայն շահադիտական նպատակներ։ Այս բոլորը մարդ արարածի մէջ կը ստեղծեն դատարկութիւն մը, որու հետեւանքով մարդը կրնայ վերջնականապէս յանձնուիլ նիւթի եւ վերջանալ  յուսալքումի եւ վհատութեան մէջ՝ որովհետեւ մարդ արարածը նիւթէն շատ աւելի ազնուական ու սրբազան է՝ օժտուած հոգիով, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերի նմանութեամբ, բանականութեամբ։ Նիւթը՝ ըլլալով աւելի նուաստ քան մարդ արարածը, քան անոր հոգին եւ արժանապատուութիւնը, չի կրնար մարդ արարածին երջանկութեան աղբիւրն ըլլալ։

Յիսուս իրեն հետեւողներուն կը պատմէ այն ունեւորին առակը, որ կ’ուզէր հարստութիւն դիզել։ Սակայն Աստուած խօսքը անոր ուղղելով կ’ըսէ՝ «անմի´տ, ա´յս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի առնեն։» Յիսուս կ’աւելցնէ՝ «Այսպէս է նաեւ անոր պարագան, որ ինքն իր անձին համար գանձեր կը դիզէ, սակայն Աստուծոյ առջեւ հարուստ չէ նկատուած։»

Ապա յստակ են Յիսուսի յորդորները՝ «Ասոր համար, մի հոգաք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ձեր մարմնոյն համար, թէ ի՛նչ պիտի հագուիք։ Կեանքը աւելի կարեւոր է քան սնունդը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։ Ձեզմէ ո՞վ կրնայ ճիգ թափելով իր կեանքը փոքր ժամանակամիջոց մ’իսկ երկարել։ Եթէ նոյնիսկ այսպէս փոքր բան մը չէք կրնար ընել, արդ ինչու՞ ուրեմն կը հոգաք ուրիշ բաներու շուրջ։ Մի՛ հարցնէք, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք եւ թէ ի՛նչ պիտի խմէք, եւ մի՛ մտահոգուիք։ Աշխարհի հեթանոսներն են՝ որ այս բաներով մտահոգ են։ Ձեր Հայրը գիտէ, թէ ինչի կարիքն ունիք։ Դուք Աստուծոյ արքայութիւնը փնտռեցէք, միւս բոլորը ձեզի պիտի տրուի։»

Արդ, դառնանք մեր առաջին հարցին - Ի՞նչպէս պէտք է պատրաստուինք Սուրբ Ծննդեան։ Յիսնակաց շրջանի Սուրբ Պատարագն ու ժամերգութիւնները, ընթերցուածներն ու շարականները մեզի խորհրդածութեան եւ պատրաստութեան ստուար նիւթ կը հայթայթեն։ Հաւատացեալին համար շահեկան է՝ մասնակցիլ այդ ծիսակատարութիւններուն եւ աղօթքներուն։ Այս շրջանին մեր հոգին ու սիրտը պէտք է պատրաստենք՝ մաքրուելով ապաշխարանքի կամ խոստովանանքի խորհուրդով։ Արդ՝ Սուրբ Հաղորդութիւն, ապաշխարանք եւ աղօթք - ասոնք են մեր պատրաստութեան անփոխարինելի ուղին, որպէսզի արժանավայել կերպով կարենանք կատարել Սուրբ Ծննդեան տօնը՝ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի։» 








All the contents on this site are copyrighted ©.